2017-10-07 10:01:00

Փրական կրնայ յայտնուիլ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` վտանգի տակ գտնուող կառոյցներու ցանկին վրայ


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կրնայ փոխել Փրակայի կեդրոնի կարգավիճակը: 1992-էն ի վեր Չեխիոյ մայրաքաղաքին պատմական կեդրոնը կը գտնուի պահպանութեան տակ գտնուող կառոյցներու ցանկին վրայ, սակայն կեդրոնին մօտ նախատեսուած շինարարութեան հետ կապուած Փրակայի հին քաղաքը կրնայ յայտնուիլ վտանգի առջեւ կանգնած կառոյցներու ցանկին վրայ:

«Եուրօ-փալս» կը հաղորդէ, որ մայրաքաղաքի կեդրոնէն հարաւային մասին մէջ գտնուող Փանքրաց պատմական շրջանին մէջ կը նախատեսուի քանի մը բնակելի բազմաբնակարան շէնքեր կառուցել: Բարձրայարկ շէնքեր կրնան յայտնուիլ նաեւ քաղաքին այլ հատուածներուն մէջ:

Այս տարի արդէն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Վիեննայի կեդրոնը ներառած է վտանգի տակ գտնուող կառոյցներու շարքին` քաղաքի շինարարական ծրագիրներուն պատճառով:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.